Back

★ Յովհաննէս Քաջազնունի



Յովհաննէս Քաջազնունի
                                     

★ Յովհաննէս Քաջազնունի

Յովհաննէս Մաթեւոսի Քաջազնունի, հայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, Անդրկովկասեան սէյմի անդամ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետ։ Եղած է նաեւ ճարտարապետ, որ մեծ ներդրում ունեցած է Պաքուի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ճարտարապետութեան վրայ։

                                     

1.1. Կենսագրութիւն Երիտասարդ տարիները

Ծնած է 1 Փետրուար 1868-ին Թիֆլիսի Ախալցխա քաղաքին մէջ ներկայիս՝ Վրաստանի Ջաւախեթի շրջան։ Քաջազնունիի նախնիները արմատներով Էրզրումէն եղած են, որոնք ԺԹ. դարու սկիզբը տեղափոխուած են Ջաւախք։

                                     

1.2. Կենսագրութիւն Մականունին ծագումը

Քաջազնունի ծնունդով Տէր-Յովհաննիսեան մականունը կը կրէր։ Անոր մեծ հօրը հայրը՝ Տէր Յովհաննէս քահանան, Էջմիածին ուխտի գալով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն իր մականունը Իգթիխանեանի փոխելու իրաւասութիւն կը ստանայ, իսկ իր երեխաներուն կու տայ Տէր-Յովհաննիսեան մականունը։ Յովհաննէս իր հերթին հայերէնի կը թարգմանէ իր մեծ հօր "Իգիթխանեան" մականունը ու կը ստանայ "Քաջազնունի" մականունը։

                                     

1.3. Կենսագրութիւն Կրթութիւն

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի մէջ, 1877 - 1886 թուականներուն:

1887-ին ընդունուած է Սանթ Փեթերսպուրկի քաղաքացիական ճարտարապետներու հիմնարկը, որու ընթացքը 1893-ին գերազանցութեամբ աւարտելով՝ կը ստանայ ճարտարապետի վկայական։ Նոյն շրջանին ան կուսումնասիրէ գրականութիւն, մասնաւորապէս Շէյքսփիրի ժառանգութիւնը։ Անոր անունը ներառուած է համալսարանի Փառքի սրահին մէջ։

Ուսանողական տարիներուն, հիմնարկին 25-ամեակին առիթով կը տպագրուին ուսանողներու լաւագոյն նախագիծերը, ուր Քաջազնունի կը ներկայանայ հայկական եկեղեցիներու, յատկապէս՝ Անիի ու Էջմիածինի եկեղեցիներու նախագիծերու ուսումնասիրութեամբ։ Ան շատ կը գծէր ու կը մասնակցէր բազմաթիւ ցուցահանդէսներու։

Ուսանողական տարիներուն կը միանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարքերուն։

                                     

1.4. Կենսագրութիւն Հասարակական եւ քաղաքական գործունէութիւն

  • 1909-ին կը ձերբակալուի հակադաշնակցական յայտնի գործի շրջանակներու մէջ։ Ազատ կարձակուի ի փոխան 10000 ռուբլիի։.
  • 1914-ին կը վերադառնայ Կովկաս։.
  • 1911-ին ստիպուած կը մեկնի երկրէն՝ խուափելու համար Սանթ-Փեթերսպուրկ կանչուելէ՝ վկայութիւն տալու համար Դաշնակցութեան դէմ դատավարութեան։ Կապրի Ֆրանսայի, Պելճիքայի ու Վանի մէջ։.
  • 1917-ին Քաջազնունի կընտրուի Հայոց Ազգային Խորհուրդի անդամ։.
  • 1906-էն սկսեալ, աշխուժօրէն կը ներգրաւուի հասարակական եւ քաղաքական գործունէութեան մէջ։ Նոյն տարին կը մեկնի Նիս՝ կապուելու Ալեքսանդր Մանթաշեանցի հետ եւ խնդրելու անոր աջակցութիւնը կուսակցութեան։.
  • ՀՅԴ-ի կարգադրութեամբ, 1908-ին կը մեկնի Պաքու եւ Կոստանդնուպոլիս։.
  • Փետրուար 1918-ին կընտրուի Անդրկովկասեան սէյմի անդամ։.
  • 1905 - 1906-ին կովկասեան թաթարներու կողմէ հայերու ջարդերուն ընթացքին բռնութիւնները դադրեցնելու համար կը դառնայ Խաղաղութեան հաստատման յանձնաժողովի անդամ։.

Քաջազնունի անդամ եղած է Հայաստանի պատուիրակութեան կազմին, որ կը մասնակցէր Տրապիզոնի ու Պաթումի հաշտութեան համաժողովներուն։ Ալեքսանդր Խատիսեանի հետ միասին՝ ստորագրած է Պաթումի պայմանագիրը՝ հայկական պատուիրակութեան անունով։



                                     

1.5. Կենսագրութիւն Հայաստանի առաջին հանրապետութիւն

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ետք, Յովհաննէս Քաջազնունի կը նշանակուի նորաստեղծ պետութեան առաջին վարչապետ։ Հայ Ազգային Խորհուրդի Թիֆլիս գտնուած ընթացքին՝ 30 Յունիսին, ան կը ներկայացնէ կառավարութեան կազմը՝ բաղկացած չորս նախարարներէ.

Առիթով մը ան յայտնած է.

"Բացառիկ ծանր պայմաններու մէջ գործի անցած է կազմած կառավարութիւնդ. Կառավարութիւնը ոչ մէկ յենարան ունի անցեալի, ան չի յաջորդեր նախկին կառավարութեան՝ շարունակելու արդէն ընթացքի դրած պետական աշխատանքը"

19 Յունիս 1918-ին, Հայաստանի կառավարութեան կազմը կը տեղափոխուի Երեւան`Վրաստանի մէջ ձգելով գրեթէ իր ամբողջ շարժական ու անշարժ գոյքերը ։ Կառավարութեան կազմին կայարան գտնուած միջոցին Վրաստանի ոչ մէկ պաշտօնեայ ներկայ կըլլայ։ Ճանապարհային կառավարութեան կազմը գնացքով կը կանգնի Ղազախի կայարանին մէջ, ուր տեղի ազրպէյճանցիները ճոխ ընդունելութիւն կը կազմակերպեն ու իրենց ճամբան կը շարունակեն դէպի Երեւան։ Յետ պատերազմական շրջանին, Երեւանի կառավարութեան կազմին մէջ կընդունուի Արամ Մանուկեանը, որ շուրջ 2 ամիս իրականացուցած էր հանրապետութեան ղեկավարի լիազօրութիւնները՝ կրելով "Երեւանի տիքթաթոր" կոչումը։ Իր վերջնագիրին շնորհիւ կառավարութիւնը կորոշէ վերջապէս բարգաւաճ Թիֆլիսէն տեղափոխուիլ յետ պատերազմական Երեւան՝ ստանձնելու համար երկրին ղեկավարութիւնը։

Հոկտեմբերին, Ազգային Ժողովի ճնշման հետեւանքով, Քաջազնունի հրաժարական կը ներկայացնէ։ Ազգային Ժողովը կընդունի կառավարութեան հրաժարականը ու կրկին Քաջազնունիին կը յանձնարարէ կազմել նոր՝ միակցական կառավարութիւն մը։ Միակցական կառավարութեան կազմին միանալէն կը հրաժարին Սոցիալ-յեղափոխական կուսակցութիւնը եւ Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, որուն պատճառով նոր կառավարութեան կազմը կը ձեւաւորուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ու Ժողովրդական կուսակցութեան անդամներէ։ 4 Նոյեմբերին կը կազմուի միակցական կառավարութիւնը.

  • 1918 - 1919-ի ձմեռը տիֆի համաճարակի ընթացքին կը մահանան Արամ Մանուկեանն ու Պետական վերահսկողի պաշտօնը զբաղեցնող Մինաս Բերբերեանը, իսկ Յովհաննէս Քաջազնունին ու Սիրական Տիգրանեանը նոյնպէս կը վարակուին, բայց կապաքինին։.
  • 15 Փետրուար 1919-ին Քաջազնունի կը գործուղղուի Վրաստան, այնուհետեւ ԱՄՆ՝ վարելու համար հայանպաստ բանակցութիւններ, միաժամանակ ներկայացնելով իր կառավարութեան երրորդ կազմը.

26 Ապրիլ 1919-էն վարչապետի պաշտօնակատար կը դառնայ Ալեքսանդր Խատիսեանը, իսկ Քաջազնունի կը շարունակէ բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ։

Սեպտեմբեր 1920-ին Հայաստան Վերադառնալով՝ ան կը ստանձնէ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալի պաշտօնը, իսկ 25 Նոյեմբերին՝ Ազգային Ժողովի նախագահի պաշտօնը։ Սովետական զօրքերու ներխուժումէն ետք Քաջազնունի կը ձերբակալուի եւ շուրջ մէկ ու կէս ամիս կը մնայ բանտին մէջ։

Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք, Քաջազնունի կը ստանձնէ պոլշեւիկներու զոհերու ընտանիքներուն աջակցութեան խորհուրդի նախագահութիւնը։ Խորհուրդը կը տրամադրէ 10, ապա 50 միլիոն ռուբլի։ Ապստամբութեան ձախողութենէն ետք, Քաջազնունի կը լքէ Հայաստանը, կապրի Իրանի, Հնդկաստանի, Եգիպտոսի եւ Ռումանիոյ մէջ։ Պուքրէշի մէջ, 1923-ին, ան կը գրէ "Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս" աշխատութիւնը եւ կը լքէ ՀՅԴ-ի շարքերը։

                                     

2. Ճարտարապետական գործունէութիւն

Գերազանց ճարտարապետական կրթութիւն ունենալով, Քաջազնունի կը դառնայ իր ժամանակի Կովկասի մէջ գործող ականաւոր ճարտարապետներէն մէկը։ Ան գործած ու կառուցած է Պաքուի, Թիֆլիսի, Պաթումի, Երեւանի, Գիւմրիի, Վանի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ։

  • 1893 - 1895-ին կաշխատի Պաքուի մէջ` Շրջանային Ճարտարապետական բաժինի որպէս ճարտարապետ։ Այդ շրջանին իր կնոջ կը յայտնէ ապագայ կառուցուելիք եկեղեցւոյ նախագիծին մասին։.
  • 1899 - 1906-ին Պաքուի քարիւղ արդիւնահանողներու քոնկրեսի խորհուրդին մէջ կաշխատի որպէս աւագ ճարտարապետ։ Աշխուժօրէն կը համագործակցի տեղական քարիւղ արդիւնահանողներու հետ։ Պաքուի մէջ նախագիծեր կը պատրաստէ հիւանդանոցներու, բնակելի շէնքերու, եւ հիւրանոցներու՝ Պալախանի շրջանին մէջ։.
  • 1895 - 1897-ին կաշխատի Պաթումի մէջ` որպէս ճարտարապետ.
  • 1911 - 1912 ճարտարապետն է Մկրտիչ Փորթուգալեանի ջանքերով հիմնուած Վանի Վարժապետանոցին։.
  • 1897 - 1899-ին Թիֆլիսի քաղաքային կառավարութեան մէջ՝ շրջանային ճարտարապետ է։ Ան Թիֆլիսի Մէյտանի շրջանին մէջ կը կառուցէ չայխանայի շէնքը՝ պարսկական ոճով։.


                                     

2.1. Ճարտարապետական գործունէութիւն Ս. Թադէոս-Բարդողիմէոս մայր տաճարի շինարարութիւն

Մեծահարուստ Բուդաղեանի կտակած միջոցներով Պաքուի կեդրոնը հայկական եկեղեցի կառուցելու համար, 1898-ին Փեթերսպուրկի ճարտարապետներու կայսերական ընկերութիւնը մրցում մը կը յայտարարէ։ 28 Փետրուար 1907-ին մրցումին կը ներկայացուին հինգ նախագիծեր, որոնցմէ մէկն ալ Յովհաննէս Քաջազնունիի նախագիծն էր։ 4 Յունիսին կը յայտարարուի դատական կազմի որոշումը, որու համաձայն շահողն էր Գաբրիէլ Տէր-Միքայէլյանի նախագիծը, իսկ երկրորդ տեղը կը գրաւէր ճարտարապետ Փետրովսկիի նախագիծը։ Սակայն Բուդաղեանի ժառանգները դժգոհ կը մնան արդիւնքներէն, ու 7 Յունիսին անոնք պատուէրը կու տան Քաջազնունիի։ 2 Օգոստոսին կը սկսին եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները։ Եկեղեցւոյ կառուցման պիւտճէն, ըստ նախնական նախագիծին, կը կազմէր 300 հազար ռուբլի, սակայն ժառանգուած գումարը ընդամէնը 200 հազար էր, այդ պատճառով Քաջազնունի կը կատարէ որոշ փոփոխութիւններ, յատկապէս եկեղեցւոյ տարողունակութիւնը կը պակսեցնէ 1500 մարդէ՝ 1000-ի։

Հակադաշնակցական քրէական հետապնդումներու պատճառով, 1911-ին Քաջազնունի ստիպուած կըլլայ մեկնելու երկրէն, չկարենալով անձամբ հսկել եկեղեցւոյ շինարարութիւնը։ Անոր բացակայութեան ընթացքին շինարարութեան կը հետեւի եւ աւարտին կը հասցնէ ճարտարապետ Նիկողայոս Բայեւը։

Եկեղեցին աչքի կիյնար իր կոթիկ ոճով։ Ականատեսները կը վկայեն, որ անիկա Պաքուի ամէնէն գեղեցիկ կառոյցն էր, հիանալի էր իր ներքին ու արտաքին շքեղութեամբ՝ վարպետօրէն գծուած ճարտարապետական դրուագներով։ Քաջազնունիի եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը կարելի է դիտել որպէս հայ ազգային ոճի նոր, իւրովի մեկնաբանում, եւ եթէ կարելի է այդպէս բնութագրել՝ "Նոր հայկական կոթիկա" ։ Եկեղեցւոյ հիմքին մէջ պահպանելով կեդրոնագմբէթ, հաւասարակողմ խաչի հայեցակարգը, գլխաւոր ծաւալի չորս անկիւնները ձեւաւորած է չորս պարագիծերով, կորագիծ խորաններով, որմով խախտած է հայկական եկեղեցաշինութեան յատակագծային հիմնական առանձնայատկութիւնը՝ կեդրոնագմբէթ համակարգի քառաթեւ պարզ եւ բնորոշ ծաւալը։ Անով մէկտեղ՝ հետաքրքրական ձեւով լուծուած է զանգակատան տեղն ու դիրքը՝ ընդհանուր համայնապատկերին մէջ։ Անիկա եռաթռիչք կամարաշարով առաջ բերուած է արեւմտեան ճակատէն։ ‎Որոշ առումով նման է նաեւ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցիին։

Եկեղեցւոյ օծումը տեղի ունեցած է 6 Սեպտեմբեր 1906-ին։

Պաքուի Ս. Թադէոս-Բարդողիմէոս մայր տաճարը 1930-ականներու սկիզբը քանդուած է։ Անոր տեղ երաժշտանոց մը կառուցուած է։

                                     

3. Գրականագիտական գործունէութիւն

Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Քաջազնունիի գրական ժառանգութիւնը։ Տակաւին ուսանող, ան բաւական խոր ուսումնասիրած է Շէյքսփիրի ժառանգութիւնը։ Վանի մէջ բնակութեան տարիներուն ան գրած է անոր նուիրուած շարք մը աշխատութիւններ։ Նոյն շրջանին ան հայերէնի թարգմանած է քրտական աշխատութիւններ։

Հոգեպէս մեծ կապուածութիւն ունենալով իր ժամանակաշրջանի գրական կեանքին եւ գործիչներուն հետ, հետագային անոնց մասին յուշեր գրած է։ Յատկանշական են Յովհաննէս Թումանեանի մասին անոր յուշերը։

                                     

4. Կեանքի վերջին տարիները

Քաջազնունի Հայաստան վերադարձած է 1924-ին։ "Խորհրդային Հայաստան" թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան նշած է.

Սովետական Հայաստան գալու նպատակս աշխատանքն է։ Ես ունիմ մեծ ցանկութիւն աշխատելու իմ մասնագիտական ոլորտին մէջ Հայաստանին մէջ։

  • Անոր նախագիծով ու անմիջական հսկողութեան տակ կառուցուած են բամպակի գործարաններ Երեւանի եւ Սարդարապատի մէջ, ինչպէս նաեւ ձէթի ու օճառի գործարաններ Երեւանի մէջ՝ իրենց յարակից շինութիւններով, ինչպէս նաեւ բնակելի թաղամասներ աշխատողներու համար, որոնք կը դառնան Սովետական Հայաստանի առաջին արդիւնաբերական շինութիւնները։.
  • Հանդիսացած է նաեւ Պետնախագիծ հիմնարկի արհեստագիտական խորհուրդի անդամ։.
  • Հետագայ տարիներուն դասաւանդած է "ճարտարապետական ծրագրաւորում" Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։.
  • 1928-ին կը մասնակցի շինարարական կառոյցներու ռուսերէն-հայերէն բառարանի ստեղծման, որ բաղկացած է 7560 բառերէ։.
  • 1930-ին կը միանայ նորաստեղծ Ճարտարապետութեան ու շինարարութեան հիմնարկին եւ Լուսաւորութեան Ժողկոմին կողմէ իրեն կը շնորհուի "փրոֆեսոր" ի կոչում։.
  • 1926-ին, Քաջազնունի կը մասնակցի Օփերայի եւ պալէթի թատրոնի շէնքի մրցումին, սակայն նախագիծը չէ պահպանուած։ Նոյն թուականին Լենինականի մէջ ուժեղ երկրաշարժէ ետք, Քաջազնունի շարք մը նորակառոյց շէնքերու հեղինակ կը դառնայ։.
  • 1935-ին Պուլվարնայայի 27-րդ փողոցի խաչմերուկին վրայ կը կառուցէ շէնք մը, որ կը դառնայ Լենինականի ներդաշնակ մէկ մասը, որ 1988-ի երկրաշարժէն ետք կը մնայ կանգուն։.
  • Ստալինեան բռնաճնշումներու տարիներուն, 1937-ին կը ձերբակալուի եւ 15 Յունուար 1938-ին այլ տուեալներով՝ 29 Դեկտեմբեր 1937-ին բանտային հիւանդանոցին մէջ հարբուխէ ու թոքերու բորբոքումէ կը մահանայ, այլապէս պիտի գնդակահարուէր 5 Դեկտեմբեր 1937-ին ՀԽՍՀ ՆԳԺԿ Եռեակի կողմէ կայացուած որոշումին համաձայն, որ ժամանակավորապէս կանխած էր բանտային բժիշկը։ Իր անձնական արխիւը՝ բոլոր նախագիծերով, առգրաւուած է եւ անյետ կորած։ Յետ մահու արդարացուած է՝ 1955-ին։.

Որոշ տուեալներու համաձայն, Քաջազնունի թաղուած է Կոզերնի գերեզմանոցին մէջ։ Սակայն գերեզմանատան քանդման հետեւանքով, անոր աճիւնները անյայտ կորած են: Քաջազնունիի դստեր՝ Մարգարիտի ջանքերով, Թոխմախի գերեզմանոցին մէջ կանգնած է անոր յիշատակին նուիրուած շիրմաքար մը:

                                     

5. Ընտանիք

Յովհաննէս Քաջազնունի ամուսնացած է Սաթենիկ Միրիմանեանի հետ 1889-ի ամրան ՝ անկախ այն փաստէն, որ Սաթենիկի հայրը ծայր աստիճան դէմ էր իրենց ամուսնութեան։

Իր նամակներուն մէջ Քաջազնունի կնոջը կը գրէր՝

1885, Յունիս 20, Ախալքալաք։

Դուք ծնած էք տաք, կրքոտ հոգիով։ Դուք սիրոյ ծարաւ էիք, բայց ոչ ոք չէր յագեցներ այդ ծարաւը։ Տան մէջ չգտնելով սէր եւ կարեկցանք՝ Դուք զայն դուրսը փնտռեցիք։ Եւ դարձեալ չգտաք։ Զայրացած էք ամէն ինչէ, Ձեր սիրտը սառած ու չարացած է անգիտակցաբար։ Դուք որոշեցիք, որ ինքնազոհ եւ առանց էգոիզմի մարդիկ չկան։ Դուք անվստահութիւն ունիք անոնց հանդէպ, որոնք բարեացակամ են Ձեր նկատմամբ։ Մինչեւ Դուք չյարգէք եւ չսիրէք ձեր անձը, ոչինչ պիտի շտկուի Ձեր կեանքին մէջ։ Դուք կորսնցուցած էք հաւատքը Ձեզի հանդէպ։

1886, 25 նոյեմբեր, Խարկով.

Այն, ինչ որ կենդանի է մէջս, ուժեղ է, կրքոտ, փնտռող, տառապող, մէկ զգացմունքի մէջ է՝ սիրոյ։ Ես հիմա կը հասկնամ այն սարսափելի ուժը, որ մտած է մէջս։ Խլեցէք ինձմէ այդ զգացումը, եւ խլած պիտի ըլլաք ամէն բան, որ ես ունիմ։

Քաջազնունի ունէր 4 որդի ու 2 դուստր։ Անդրանիկը Անահիտն էր, զոր նախ կոչած էին Հրաչեայ, սակայն աղջիկը հետագային կրած է Անահիտ անունը։ Երկրորդը Արամն էր, ապա կը ծնին Աշոտն ու Ռուբէնը երկուորեակներ, Կարէնը եւ Մարգարիտը։ 1914-ին, աւագ երեք որդիները պատանի հասակին կամաւոր կը մեկնին ռազմաճակատ, երբ սկսած էր առաջին աշխարհամարտը։ Փոքրը՝ Կարէնը, տակաւին շատ փոքր էր։ Աշոտ Քաջազնունի 1918-ի Մայիսին կը մասնակցի Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին, ապա՝ ռազմիկներուն հետ կը նահանջէ մինչեւ Արցախ եւ Աւետարանոց Չանախչի գիւղ, ուր զանոնք կը շրջափակեն թուրքերն ու տեղի գիւղացիներու դաւաճանութեան պատճառով կը գրաւեն զայն եւ կը կոտորեն բոլորը։

30 Ապրիլ 1919-ին դստեր՝ Հրաչեային, կը գրէ.

Աշոտը սպաննուեցաւ անցեալ գարնան Ղարաքիլիսէի կռիւներուն։ Արամը վիրաւորուած է երկու անգամ, բայց բժշկուած է։ Ռուբէնը բախտ ու պատիւ չէ ունեցած հայրենիքի համար վէրք ստանալու։

Արամ Քաջազնունի երկու անգամ վիրաւորուելէ ետք, զոհուած է 1920-ի ամրան Զանգիպազարի մէջ այժմ Մասիս՝ հայերու եւ թաթարներու միջեւ տեղի ունեցած ընդհարումներու ընթացքին։ Ռուբէն սպաննուած է գերութեան մէջ։ Ռուբէն Քաջազնունին գերուած է Կարսին մէջ, երբ թուրքերը կը գրաւեն քաղաքը 1920-ի աշնան ու զոհուած գերութեան մէջ:



                                     

6. Երկեր

  • Քաջազնունի Յովհաննէս, Հայաստանի հանրապետութիւն, 1993, 32 էջ։.
  • Քաջազնունի Յովհաննէս, Ազգ եւ հայրենիք, Պէյրութ, 1979, 269 էջ։.
  • Քաջազնունի Յովհաննէս, Յետ մահու, Պէյրութ, 1965, 252 էջ։.
  • Քաջազնունի Յովհաննէս, Բաց նամակ Z-ին. Թուրքիա՞, թէ Ռուսաստան, Պուքրէշ, 1924, 54 էջ, Պէյրութ, 1965, 64 էջ, Երեւան, 1990, 47 էջ։.
  • Քաջազնունի Յովհաննէս, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս, Պուքրէշ, 1923, 91 էջ, Վիեննա, 1923, 108 էջ, Թիֆլիս, 1923, 111 էջ, Գահիրէ, 1954, 112 էջ, Երեւան, 1993, 87 էջ։.
                                     

7. Աղբւրներ

  • Edmond Tigranyan "Activity of Armenian architects in South Caucasus" - ISBN 99930-0-001-2.
  • The Republic of Armenia։ The first year, 1918-1919 By Richard G. Hovannisian, ISBN 0520018052.
  • Энциклопедия "Армянский вопрос", Ереван 1991, ISBN 5-89700-005-0.
                                     

8. Արտաքին յղումներ

  • Յովհաննէս Քաջազնունիի կենսագրական տուեալներ.
  • Յովհաննէս Քաջազնունիի համառօտ կենսագրութիւն.
  • ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐԻՑ - Յովհաննէս Քաջազնունին՝ Պաքուի հայոց եկեղեցւոյ ճարտարապետ.
                                     
  • բժիշկ, գրող, թարգմանիչ Խորէն Սինանեան մ.1928, Կ.Պոլիս աստղագէտ Յովհաննէս Քաջազնունի մ.1938 քաղաքական գործիչ Տե ս նաեւ Ստորոգութիւն: 1868 մահեր Ապրիլ
  • մարզադաշտին մէջ մարզասերներու ընդհարումի զոհ դարձաւ 74 մարդ 1867, Յովհաննէս Քաջազնունի Տէր - Յովհաննիսեան, մ.1938 պետական գործիչ 1897, Յովսէփ Կարալեան մ
  • 1877 գրող, թարգմանիչ Սթալինեան բռնաճնշումներու զոհեր Յունուար 10 Յովհաննէս Քաջազնունի ծն.1867, Ախալցխա ճարտարապետ, պետական գործիչ Յուլիս 18 Վահան Թոթովենց
  • արտագրուած է 2020 - 11 - 06 Կեանքում լինում են . Postila.io արտագրուած է 2020 - 11 - 06 Յովհաննէս Քաջազնունի Լեւոն Շանթ Յակոբ Տէր Յակոբեան Վահան Նաւասարդեան
  • Armenian Daily Newspaper based in Lebanon en - US 2019 - 02 - 12 արտագրուած է 2020 - 11 - 06 Յովհաննէս Քաջազնունի Լեւոն Շանթ Սիրական Տիգրանեան Վահան Նաւասարդեան
  • Գաղափարի Մարտիկն Ու Դաշնակցական Պատգամախօսը ARF Official Website - Article from Troshag Յովհաննէս Քաջազնունի Սիրական Տիգրանեան Լեւոն Շանթ Յակոբ Տէր Յակոբեան
  • 1918 - ին, հրապարակուեցաւ ՀՀ անդրանիկ կառավարութեան կազմը. վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի Իգիթխանեան Արտաքին գործերու նախարար Ալեքսանտր Խատիսեան, Ներքին
  • Նշան Փալանճեան Ճեմարան Սիմոն Վրացեան Մուշեղ Իշխան Գառնիկ Բանեան Յովհաննէս Քաջազնունի Սիրական Տիգրանեան Վահան Նաւասարդեան Յակոբ Տէր Յակոբեան Լեւոն Շանթ
                                     
  • 1938 հայ մտաւորականութեան սաստիկ հալածանքներ ու մաքրագործումներ Յովհաննէս Քաջազնունի Աղասի Խանջեան, Եղիշէ Չարենց, Ակսել Բակունց, Վահրամ Ալազան, Գուրգէն
  • կառավարութեան նախագահ կը նշանակուի Եւգենի Քեքեչկորին Դաշնակցականները Յովհաննէս Քաջազնունի Ալեքսանտր Խատիսեան, Խաչատուր Կարճիկեան եւ ուրիշներ դէմ կանգնելով

Users also searched:

Քաջազնունի, Յովհաննէս, ՅովհաննէսՔաջազնունի, յովհաննէս քաջազնունի, հհ կառավարութիւն. յովհաննէս քաջազնունի,

...

Encyclopedic dictionary

Translation

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան.

5 Յովհաննէս Դրասխանակերտցի 2010, 396: 6 Дашков 2008 հաննես Քաջազնունին պատգամավորներին. Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին 5. Քաջազնունին մեծ դժվարությամբ համաձայնեց յիշելով Յովհաննէս Սենեքերիմի թագաւոր. Բովանդակություն Untitled. Քաջազնունին եւ Հ. Յ. Դաշնակցությունը, Ռուբեն Դարբինյանի Մեր Պատասխանը Յովհաննէս.





Հ. Յ. Դաշնակցությունը անելիք չունի.

Հովհաննես Քաջազնունի Ованес Матевосович Каджазнуни. Մատենադարանին 2020 թ. Մայր Աթոռ. Յովհաննէս Քաջազնունի, Յ. Քաջազնունիի էջը կը գրէ ՝ ՀՀ առաջին վարչապետ Հովհաննես.


Հայաստանի Հանրապետություն.

Չապետ Հովհաննես Քաջազնունին՝ 1918թ. հունիսին պետ Հ. Քաջազնունի, արտաքին գործերի. Դաշնակցությունն անելիք չունի. Հովհաննես Մաթևոսի Քաջազնունի փետրվարի 1, 1867, Ախալցխա, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի փոխարքայություն, Ռուսական կայսրություն 1938, Երևան, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ, հայ ականավոր քաղաքական գործիչ, Անդրկովկասի սեյմի անդամ, Հայաստանի առաջին հանրապետության. Հայ քաղաքական մտքի անկեղծ. Իրականացվել են ծառերի կրապատման աշխատանքներ. Եր.քոչար 9, 13, 15, Քաջազնունի 9,. Յովհաննէս Քաջազնունու ճակատագիրը. Պատկեր:Յովհաննէս Քաջազնունի.jpg. Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից. Jump to navigation Jump to.





Sheet1 A B C D E F G H 1 Ց Ա Ն Կ ՖԻԶԻԿԱԿԱՆ.

Յովհաննէս Քաջազնունին լայն հասարակայնութեանը յայտնի է որպէս 1918 ​1920թթ. Հայաստանը ՀՅԴ – Բոլշեւիկ. Отображается файл Քաջազնունի.jpg Քաջազնունի Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի.


Տեսակէտ. Գործօն Հայրենասիրութիւն.

Հովհաննես Քաջազնունի– Հ. Յ. Դաշնակցությունն անելիք չունի այլևս – 1.500 դրամ. Սիմոն. Քաջազնունու և մյուս 4 երևելի ՀՅԴ. Քաջազնունին և Հ. Յ. Դաշնակցությունը, Ռուբեն Դարբինյանի Մեր պատասխանը Յովհաննէս. ԱՆԻ ն հրատարակել է Արշակ Ջամալյանի. Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետը՝ Յովհաննէս Քաջազնունին, 1937 ի.


Երեվանի զարգացման 2016 թվականի.

Յովհաննէս Քաջազնունին ու Նիկոլ Աղբալեանը նշանակուեցին խմբագրելու Հայաստանի. Լեռ Կամսար, Ով եմ ես Մամուլի խոսնակ. Քաջազնունին և Հ. Յ. Դաշնակցությունը և Ռուբէն Դարբինեանի Մեր Պատասխանը Յովհաննէս.





ՀՀ ԳԱԱ Հիմնարար Գիտական Գրադարան.

Հայ քաղաքական մտքի անկեղծ զինուորը՝ Յովհաննէս Քաջազնունի Դաշնակցութեան հին. ԲԱՆԲԵՐ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹՅԱՆ REVIEW OF ARMENIAN. Յովհաննէս Քաջազնունի, Ազգ եւ Հայրենիք: Երեւան, ՙՀայրենիք՚ Ակումբ, 2008, 178 էջ:. Կաղապար:Օրվա հոդված Մայիսի 6, 2018 թ. Հայաստանի Հանրապետութիւն Յովհաննէս Քաջազնունի. Material type: Book Literary form: Not fiction Publisher:. Ուսուցիչներու Պատգամը ԴՐՕՇԱԿ. Աղասի Խանճեան, Ակսէլ Բակունց, Յովհաննէս Քաջազնունի, Դերենիկ Դեմիրջեան,.





Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան.

228. ԷԿ ԿԸ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ. 100 47.4 24. Երեւան 1993. Ք 23,. Ստեփանակերտում կայացել է նոր. Ձախէն աջ՝ Լեւոն Շանթ, Յովհաննէս Տէվէճեան, Յովհաննէս Քաջազնունի եւ Սիմոն. Այսօր՝ Առնո Բաբաջանյանի արձանի. Հովհաննես Քաջազնունի ը. Գարեգին Նժդեհ. 1 1–​դ, 2–ա, 3–գ, 4–է, 5–բ, 6–ը, 7–ե. 2 1–ե, 2–զ, 3–ը, 4–գ, 5–ա, 6–է, 7–. Մարտի 3 ին ժամը 3 ին ՀԱՅ ԳԻՐՔ ՀԿ ԴեՊո. 15 հունվարի, 1938 թ.,. Հայաստանի Հանրապետության Untitled. Արշակ Ջամալյանի Հ. Քաջազնունին և Հ. Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիին,.


Տարեդարձ. Յովհաննէս Քաջազնունի. 150.

Հայաստանի պատմության թանգարան Հեղինակ​՝ Հովհաննես Քաջազնունի Նյութը՝ թուղթ. ԱՆԻ կենտրոնը ներկայացնում է 6 նոր. Մարդիկ նաև որոնում են.





Untitled.

Յովհաննէս Մաթեւոսի Քաջազնունի Տէր ​Յովհաննիսեան 1 Փետրուար 1868, Ախալցխա 1938,. Աստված չանի՝ պատերազմ սկսվի, մեր. Յովհաննէս Քաջազնունի. June 27, 2020. 934. ԱՆԻ կենտրոնը մաս հրատարակում է Հայաստանի​. Հայաստանի 100 ամեայ Հանրապետութեան. Է Արշակ Ջամալյանի Հ. Քաջազնունին և Հ. Յ. ​Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի,. Items where Author is Քաջազնունի, Յովհաննէս. Յովհաննէս Քաջազնունին արտասահմանում մնաց բաւական երկար, չնայած մեկնել.


Բազմավեպ.

Կառավարութեան կազմում վարչապետի ​Յովհաննէս Քաջազնունի, արտաքին գործոց. ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹՅՈՒՆ. 12.08.2020. Հարությունյան. Ավագ. Քաջազնունի Յովհաննէս Ազգ եւ հայրենիք. Երևան. Առավոտ – Լուրեր Հայաստանից. Դաշնակցութեան Դատը եւ Յովհաննէս Քաջազնունին. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԱՐՄԷՆ. Ուղղագրամարտ.


Պատկեր:Յովհաննէս Քաջազնունի.jpg.

Article. Քաջազնունի, Յովհաննէս Ք. 1878 Նամակ Ախալքալաքից. Արարատ, ԺԱ ԺԱ,ԺԲ. pp. 436 439. This list was. Հովհաննես Քաջազնունի Հ. Յ. Դաշնակցությունն անելիք չունի այլևս, Ռուբէն Դարբինեան. Խաղեր՝ Յովհաննէս Թումանեանէն Թումանյան, Քաջազնունի, քաղաքականություն​․ զրույց. Տարեդարձ. Յովհաննէս Քաջազնունի. 150 ամեակ ​Դ. Մաս, 1919 յունիսի 7, Պոլիս. Քաղաքական. Քաջազնունին ասդիէն կը հերքէ իր ձերբակալման լուրը այն Յովհաննէս Քաջազնունի:. Հ. Յ. Դաշնակցությունը անելիք չունի այլևս. 1.900 AMD. Հովհաննես Քաջազնունի. 3 in stock. Add to cart.





...
Free and no ads
no need to download or install

Pino - logical board game which is based on tactics and strategy. In general this is a remix of chess, checkers and corners. The game develops imagination, concentration, teaches how to solve tasks, plan their own actions and of course to think logically. It does not matter how much pieces you have, the main thing is how they are placement!

online intellectual game →