Back

★ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն



                                               

Էսթոնիա

Էսթոնիա, պետութիւն Հիւսիսային Եւրոպայի Պալթեան տարածաշրջանին մէջ: Էսթոնիան ժողովրդավարական խորհրդարանական հանրապետութիւն է` բաղկացած 15 շրջաններէ: Մայրաքաղաքը եւ ամենամեծ քաղաքը Թալլինն է: Կը հանդիսանայ եւրամիութեան ամենասակաւաթիւ բնակչութեամբ երկրներէն մէկը: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային զարգացման ցանկի ցուցանիշն է` "շատ բարձր": Մէկ շնուչի հաշուով ՀՆԱ-ի ցուցանիշով նախկին ԽՍՀՄ հանրապետութիւններու շարքին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ: Համաշխարհային Պանկի չափանիշներով կը համարէ "Եկամուտի բարձր մակարդակով տնտեսութիւն", Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի չափանիշներով` "զարգացած տնտեսութիւն": ...

                                               

Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւն

Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւն, ռուս.՝ Октябрьская революция, պետական յեղաշրջում, որ իրագործած է Ռուսիոյ ընկերային-ժողովրդավարական բանուորական կուսակցութիւնը ՌԸԺբԿ, ռուս.՝ Российская Социально-Демократическая рабочая Партия-РСДрП) Վլատիմիր Լենինի գլխաւորութեամբ, Փեթրոկրատի մէջ՝ Հոկտեմբեր 25-ին։ Յեղաշրջման հետեւանքով տապալուած է 1917-ի Փետրուարեան պուրժուատեմոքրատական յեղափոխութենէն ետք Ռուսիոյ մէջ ստեղծուած ժամանակաւոր կառավարութիւնը։

                                               

Ժահր

Ժահր, ոչ բջիջային կառուցուածք ունեցող հարուցիչ, որ կը բազմանայ միայն կենդանի բջիջներուն մէջ։ Ժահրերը կը վարակեն կեանքի բոլոր բջիջային տարրերը՝ անասուններէն ու բոյսերէն մինչեւ պակտէրիաներ եւ արքէաներ։ Ժահրերը առաջին անգամ կը նկարագրուին 1892-ին Տմիթրի Իւանովսքիի կողմէ իբրեւ ծխախոտի բոյսերը վարակող ոչ բջիջային ախտածիններ։ Ծխախոտի խճանկարի ժահրը կը յայտնաբերէ Մարթին Պէյըրինկը 1898-ին։ Այդ ժամանակէն ի վեր կը յայտնաբերուին ու մանրամասնօրէն կը նկարագրուին շուրջ 5000 տարբեր տեսակի ժահրեր, հակառակ անոր, որ յայտնի են ժահրերու միլիոնաւոր ձեւեր։ Ժահրեր յայտնաբերուած են գրեթէ բոլոր կենսոլորտային համակ ...

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
                                     

★ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն

Հայաստանի Հանրապետութիւն, ծնունդ առած է 28 Մայիս 1918 -ին՝ Մայիսեան Հերոսամարտերէն՝ Սարտարապատէն, Պաշ-Ապարանէն եւ Ղարաքիլիսէէն յետոյ։ Առաջին հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ հայ ժողովուրդին ծանր ժամանակահատուածին ընթացքին, երբ երիտթրքական բնաջնջման խուսափած բազմահազար հայ գաղթականներն ու սովը, փոխադրամիջոցներու ուղիներու շրջափակումները, Քեմալական Թուրքիոյ 1920-ին յարձակումը, ինչպէս նաեւ՝ Խորհրդային Ռուսաստանի նուաճողական քաղաքականութիւնը հնարաւորութիւն չէին ընձեռած, պետութեան ղեկավարներուն ստեղծել տալ կայուն պետութիւն մը։ Առաջին հանրապետութիւնը գոյատեւեց մինչեւ՝ 2 Դեկտեմբեր 1920, երբ Հայաստանը խորհրդայնացաւ։ Հակառակ անոր կարճ կեանքին՝ Առաջին Հանրապետութեան դերը անգնահատելի է պետականութիւնը վերագտնելու գործին մէջ։

                                     

1. Առաջնահերթ Նպատակներ

Չորս Տարիներու պատերազմը, պոլշեւիկեան յեղափոխութեան առաջացուցած շփոթը եւ թուրք բանակին դէպի դժուարին դիմադրութիւնը աւերած էին երկրին տնտեսութիւնը։ Հայկական հողերու մէկ կարեւոր մասը թուրքերու գրաւման տակ գտնուելով, երկիրը զրկուած էր նաեւ աշնան հունձքէն։ Հայաստան նաեւ աշխարհէն կտրուած էր, որովհետեւ ծովու ելք չունէր։ Չկային օդային ճամբաներ եւ միջազգային հաղորդակցութիւններ։ Այս իրավիճակին մէջ, կառաւարութիւնը առաջնահերթ նպատակ դարձուց երկրին մէջ կեանքի եւ գոյքի ապահովութիւն հաստատել, հաղորդակցութեան ճամբաններ բանալ, ժողովուրդին ուտելիք հայթայթել եւ գաղթականներուն վիճակը բարելաւել։ Առաւել՝ ան պիտի ստեղծէր ազգային դրամի համակարգ, պիտի կարգաւորէր երկրին դատարանը՝ զայն հայ ազգային սկզբունքներուն յարմարեցնելով: Պիտի կազմէր ուժեղ բանակ մը Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու համար։ Միւս կողմէ ամէն կերպ պիտի փորձէր դրացիական կապեր ստեղծել Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ՝ խաղաղ միջոցներով ազգամիջեան հարցերը լուծելու։ Մինչեւ 1918-ի աշուն, կառավարութիւնը կրցած էր որոշ չափով բարելաւել երկրին վիճակը եւ յոյս ներշնչել ժողովուրդին։

                                     

2.1. Պատմութիւն 1918 թուական

  • 31 Դեկտեմբեր 1918-ին, կողմերու միջեւ կնքուեցաւ համաձայնագիր զինադադարի մասին։.
  • 5 Դեկտեմբեր 1918-ին, սկսաւ հայ-վրացական պատերազմը։ Հայկական բանակը Դրոյի գլխաւորութեամբ կարճ ժամանակի ընթացքին Վրաստանին հասցուց ծանր հարուած։.
  • 1 Օգոստոս 1918-ին, Երեւանի քաղաքային ակումբի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհուրդի անդրանիկ նիստի հանդիսաւոր բացումը՝ հիւրերու եւ 46 պատգամաւորի մասնակցութեամբ, որ կազմը ձեւաւորուած էր Ազգային խորհուրդի եռապատկումով ու այլազգիներու ներգրաւումով՝ 38 հայ, 6 թուրք-թաթար, մէկ ռուս եւ մէկ եզտի։.
  • 24 Յուլիս 1918-ին, հրապարակուեցաւ ՀՀ անդրանիկ կառավարութեան կազմը. վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունի Իգիթխանեան, Արտաքին գործերու նախարար՝ Ալեքսանտր Խատիսեան, Ներքին գործերու նախարար՝ Արամ Մանուկեան, Ելմտական նախարար՝ Խ. Կարճիկեան, Զինուորական նախարար՝ ժեներալ Յովհաննէս Յախուերտեան, Արդարադատութեան նախարար՝ Գ. Պետրոսեան։.
  • Նոյեմբեր 1918-ին, ՀՅԴ-ն եւ ՀԺԿ-ն կազմեցին կոալիցիոն կառավարութիւն։.
  • 23 Դեկտեմբեր 1918-ին, հայկական զօրքերը ամրացան Սադախլոյի մէջ։.
  • Յուլիս, 1918-ին, Հայաստանի ազգային դրօշ ընդունուեցաւ եռագոյնը ։.
  • 1918-ի աշունէն մինչեւ 1919 թ. գարուն, սովի եւ համաճարակներու հետեւանքով մահացաւ մօտ 150.000 մարդ։.
  • Դեկտեմբեր 1918-ին, Վրաստանը գրաւեց Ախալքալաքը եւ Լոռին։.
  • 30 Հոկտեմբեր 1918-ին, Մուդրոսի մէջ կնքուեցաւ զինադադար Անտանտի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, որով Օսմանեան կայսրութիւնը ճանչցաւ իր պարտութիւնը եւ դուրս եկաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն։.
                                     

2.2. Պատմութիւն 1919 թուական

  • 16 Մայիս 1919-ին, ՀՀ նախարարներու խորհուրդը Երեւանի մէջ համալսարան հիմնելու վերաբերեալ որոշում ընդունեց։.
  • Յուլիս 1919-ին, Հայաստանի մէջ բռնկեցաւ թուրք-թաթարական ընդհանուր խռովութիւն, որուն համար Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ջանք չէին խնայեր։.
  • 21-23 Յունիս 1919-ին, Հայաստանի մէջ, կայացան առաջին եւ միակ խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Ընտրուեցան խորհրդարանի 80 անդամներ այդ թիւէն՝ 3 կին, որոնցմէ 72-ը ՀՅԴ անդամներ էին, 4-ը՝ էսեռներ, 1-ը՝ անկուսակցական, 2-ը՝ թուրք-թաթարներ եւ 1-ը՝ եզտի։.
  • Փետրուար 1919-ին, երկրի ծանր դրութիւնը Հայաստանի խորհուրդին ստիպեց դիմել Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի օգնութեանը։.
  • 1919-ի աշնան, հայ-ատրպէյճանական ընդհարումներ տեղի ունեցած են Զանգեզուրի համար։ Միայն Անդրանիկի, ապա՝ Դրոյի ձեռնարկած յամառ ջանքերու շնորհիւ յաջողեցան պահպանել Զանգեզուրը։.
                                     

2.3. Պատմութիւն 1920 թուական

  • 10 Օգոստոս 1920-ին Փարիզի արուարձան Սեւրի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմը յաղթած երկիրներու եւ սուլթանական Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր։ Անոր միջցով Հայաստանը Թուրքիոյ կողմէն կը ճանչցուէր իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն։.
  • Ապրիլ 1920-ին՝ խորհրդային զօրքերը մտան Ատրպէյճան եւ այնտեղ հաստատեցին խորհրդային կարգեր։.
  • Մարտ 1920-ին ստեղծուեցաւ երդուեալ ատենակալներու դատարանը։.
  • 1 Մայիս 1920-ին, Երեւանի մէջ եւ շարք մը այլ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան հակակառավարական ցոյցեր։.
  • 19 Յունուար 1920-ին Անտանտի Գերագոյն խորհուրդը օրինաւոր ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը։.
  • Յուլիս 1920-ին, ՀՀ կառավարութիւնը հաստատեց ՀՀ զինանշանը, որ հեղինակած էին Ալեքսանտր Թամանեանը եւ Յակոբ Կոջոեանը։ Օրհներգ ընդունուեցաւ Միքայէլ Նալպանտեանի "Մեր Հայրենիք" երգը, որուն երաժշտութեան հեղինակն էր՝ Բարսեղ Կանաչեանը։.
  • Ապրիլ 1920-ին ստեղծուեցաւ ազգային դրամը։.
  • 31 Յունուար 1920-ին Ալեքսանդրապոլի այժմ՝ Կիւմրի առեւտրային դպրոցի շէնքին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ Հայաստանի համալսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։.
  • 5 Մայիս 1920-ին, խորհրդարանի արտակարգ նիստին մէջ հրաժարական տուաւ Ալեքսանտր Խատիսեանի կառավարութիւնը։ Ընտրուեցաւ նոր կառավարութիւն Համազասպ Համօ Օհանջանեանի գլխաւորութեամբ։.
  • 1920-ին աշնան՝ հայկական բանակը ունէր 40.000 զինուոր։.
  • 24 Նոյեմբեր 1920-ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ սկսան հայ-թրքական հաշտութեան բանակցութիւններ, որոնք աւարտեցան 2 Դեկտեմբերի լոյս՝ 3-ի գիշերը, երբ Հայաստանը արդէն խորհրդայնացած էր, իսկ ՀՀ կառավարութիւնը հրաժարուած էր իշխանութիւնէն։ Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրով Թուրքիա կառնէր 1914-ի դրութեամբ Արեւելեան Հայաստանի մեջ մտնող աւելի քան 20.000 քմ. քառակուսի տարածք՝ Կարսը, Սարիղամիշը, Կաղզուանը, Արտահանը, Օլթին, Սուրմալուի գաւառը։ Փաստօրէն հայ-թրքական սահմանը կանցնէր Ախուրեան եւ Արաքս գետերու հունով։ Իսկ Նախիջեւանի, Շարուրի, Շահթախթի շրջանները ժամանակաւորապէս կը յանձնուէին Թուրքիոյ, մինչեւ որ այնտեղ տրուէր հանրաքուէ, որուն Հայաստանը պէտք չէր մասնակցեր։.
  • 23 Սեպտեմբեր 1920-ին սկսաւ հայ-թուրքական պատերազմը։ ՀՀ վրայ յարձակած թրքական բանակի հարուածային ուժը Քեազըմ Գարապեքիրի 15-րդ բանակն էր, որ ունէր 30 հազար զինուոր։.
  • Դեկտեմբեր 1920-ին՝ ռուսերու կողմէն ձերբակալուեցան ՀՀ բանակի 1.000-էն աւելի սպաներ, այդ թուականին Թովմաս Նազարբեկեանը, Մովսէս Սիլիկեանը եւ ուրիշներ, որոնց ոտքով քշեցին Ալաւերդի՝ ճանապարհին անոնցմէ ոմանց սպանելով, բոլորին ծաղր ու ծանակի ենթարկելով։ Ապա ձերբակալուածները ուղարկեցին Պաքուի եւ Ռուսաստանի բանտեր։.
  • 2 Դեկտեմբեր 1920-ին՝ Երեւանի մէջ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր։ Ատով Հայաստանը կը հռչակուէր Խորհրդային ընկերային հանրապետութիւն, իշխանութիւնը կանցնէր ժամանակաւոր ռազմայեղափոխական կոմիտէին։.
  • 29 Նոյեմբեր 1920-ին՝ խորհրդային բանակը եւ Պաքուի մէջ կազմաւորուած Հայաստանի ռազմայեղափոխական կոմիտէն, որուն նախագահն էր պոլշեւիկ Սարգիս Կասեանը, մտան Իջեւան, ուր յայտարարեցին դաշնակցական կառավարութեան տապալման եւ Հայաստանի խորհրդայնացման մասին։.
  • 14 Հոկտեմբեր 1920-ին Խորհրդային Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը որոշումեց Հայաստանը խորհրդայնացնելու մասին։.
  • Փետրուար 1921-ին Տիլիջանի շրջանին մէջ գնդակահարուեցան Սարտարապատի ճակատամարտի մեծ թուով հերոսներ, այդ թիւին մէջ՝ Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանը։ Անոր եղբայրը՝ Պողոս Պավել Բէկ-Փիրումեանը, չդիմանալով կտանքներուն ու նուաստացումներուն, ինքնասպանութիւն գործեց։.
  • 30 Հոկտեմբեր 1920-ին թշնամին գրաւեց Կարսը՝ գերելով մօտ 3.000 զինուորներու եւ զինուորական ու քաղաքացիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Երեք օր շարունակ թուրքերը Կարսի մէջ զբաղուած էին իրենց յատուկ վայրագութիւններով, որոնց զոհ գացին մօտ 6.000 հայեր։.
  • 23 Նոյեմբեր 1920-ին, Համազասպ Համօ Օհանջանեանի կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ եւ կազմուեցաւ նորը՝ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ։ Այն կոալիցիոն էր եւ կազմուած էր էսեռներու հետ։.
  • 18 Նոյեմբեր 1920-ին, կնքուեցաւ զինադադարի համաձայնագիր, որուն պայմանները խիստ ծանր էին ՀՀ համար։.


                                     

2.4. Պատմութիւն 1921 թուական

  • 25 Մարտ 1921-ին՝ սկսաւ պոլշեւիկներու հուժկու յարձակումը բոլոր ուղղութիւններով։ Անոնք գրաւեցին Ապարանը, Կոտայքը եւ աստիճանաբար առաջանալով, Ապրիլի 2-ին մտան Երեւան։ Մայրաքաղաքը աւերածութենէ փրկելու եւ աւելորդ արիւնահեղութենէ խուսափելու համար որոշուեցաւ Երեւանը յանձնել առանց կռիւի։.
  • 13 Փետրուար 1921-ին սկսաւ ապստամբութիւն, որուն ազդանշանը տուին Արագածի ստորոտին մէջ վերաբնակուած սասունցիները։ Մինչեւ 17 Փետրուարին ապստամբները ազատագրեցին Աշտարակը, Էջմիածինը, Պաշ-Գառնին, Ներքին Ախտան Հրազդան եւ այլ բնակավայրեր։ 18 Փետրուարին, ապստամբ ուժերը Կուռօ Թարխանեանի եւ Պաշ-Գառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութեամբ մտան Երեւան։ Պոլշեւիկները եւ կարմիր զորամասերը հեռացան Ղամարլու Արտաշատ։ Բանտերէն ազատեցան Յովհաննէս Քաջազնունին, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը եւ 100-աւոր այլ պետական գործիչներ ու մտաւորականներ։.
                                     

3. Հայաստանի Հանրապետութեան Դրօշը եւ Զինանշանը

Հայաստանի պետական դրօշը՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն՝ եռագոյնը վաւերացուեցաւ Երեւանի եւ Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդներու խառն նիստին՝ Երեւանի մէջ, նախքան Հայաստանի Խորհուրդի առաջին հաւաքը։ Գոյներու ընտրութեան հաւանաբար դեր խաղացած է Կիլիկիոյ Ռուբինեան թագաւորութեան կարմիր, կապոյտ, եւ դեղին եռագոյնը։ Սիմոն Վրացեան իր "Հայաստանի Հանրապետութիւն" աշխատութեան մէջ կը վկայէ, թէ դրօշին գոյները որոշելու մէջ կար խորհուրդ, կար նաեւ միայն գեղագիտական նկառատում։ Անոնք, որոնք հայկական գոյներուն մէջ խորհուրդ կը փնտռէին, "կարմիր" կը տեսնէին իբրեւ խորհրդանիշը Հայ ժողովուրդի թափած արիւնին, "կապոյտ" ը՝ իբրեւ Հայաստանի կապոյտ երկինք, իսկ "նարնջագոյն" ը կամ ծիրանագոյն խտացումը աշխատանքի։ 1 Օգոստոս 1918-ին Հայաստանի Խորհուրդի պաշտօնական բացման օրը, եռագոյնը ծածանեցաւ խորհրդարանի շէնքին վրայ։

Հանրապետութեան զինանշանի կամ գերբի հաստատումը աւելի ուշ կատարուեցաւ։ Երկար ուսումնասիրութիւններէ ետք, ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի կազմած եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանի գծած զինանշանը ներկայացուեցաւ խորհրդարան եւ վաւերացուեցաւ Յուլիս 1920-ին։ Զինանշանի կեդրոնը վահանաձեւ է եւ չորս բաժիններ ունի, որոնք կը ներկայացնեն հին Հայաստանի չորս անկախ շրջաններու՝ Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Բագրատունեաց եւ Ռուբինեաց թագաւորութիւններու զինանշանները։ Ճիշդ կեդրոնը՝ Մասիսներն եւ անոնց վերեւ "ՀՀ" տառերը։ Զինանշանի վահանաձեւ կեդրոնը վեր բռնած են մէկ կողմէ արծիւ մը, միւս կողմէ առիւծ մը, որ Բագրատունեաց եւ Ռուբինեաններու դրօշէն առնուած են. իսկ վարը՝ սուր, գրիչ, հասկեր եւ շղթայ գծուած է։ 70 տարիներու համայնավար իշխանութիւններու տիրապետութենէն ետք, Հայաստանի երկրորդ Անկախ Հանրապետութեան մէջ, որ ստեղծուեցաւ Սեպտեմբեր 1991-ին, ընդունուեցաւ առաջին Հանրապետութեան դրօշը եւ զինանշանը։



                                     

4. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Պարբերական Մամուլը

28 Մայիս 1918-ին՝ երկարատեւ ընդմիջումէն յետոյ, Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցաւ ո՛չ միայն քաղաքական, այլեւ՝ պատմամշակութային խոշոր նշանակութիւն։ Աշխուժացաւ հասարակական-քաղաքական կեանքը, սկսաւ բուռն ծաղկիլ պարբերական մամուլը, լրագրական ու ստեղծագործական կեանքը։

ՀՀ կարճատեւ՝ ընդամէնը 2.5 տարուան գոյութեան ընթացքին, 60 անուն պարբերականներ տարբեր յաճախականութեամբ լոյս կը տեսնեն, ընդհանուր հաշուով։ Ատոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կը հրատարակուէին մայրաքաղաք՝ Երեւան։

Զգալի թուաքանակով թերթեր լոյս կընծայուէին Ալեքսանդրապոլի, Կարսի, Էջմիածնի, Գորիսի մէջ եւայլն։ ՀՀ պարբերական մամուլը կարելի է բաժանել 3 տիպի՝ պաշտօնական, կուսակցական եւ անկախ անկուսակցական։ Պաշտօնական պարբերականներու ընդհանուր թիւը կը կազմէր՝ 14 թերթ, կուսակցականը՝ 38, իսկ անկախ մամուլինը՝ 8 թերթ։

                                     

4.1. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Պարբերական Մամուլը ՀՀ Պաշտօնական Մամուլը

ՀՀ պաշտօնական մամուլի նպատակը կառավարութեան եւ խորհրդարանի ընդունած օրէնքներու, օրէնսդրական ակտերու, որոշումներու ու հրամաններու հրապարակումն ու տարածումն էր։ ՀՀ գլխաւոր պաշտօնական օրկանը "Կառավարութեան Լրաբեր" եռօրեայ թերթն էր, որ սկսած է լոյս տեսնել 1 Սեպտեմբեր 1918-էն մինչեւ 20 Յուլիս 1920 թուականը։ Յաջորդ պաշտօնաթերթը՝ Յուլիս 1918-էն լոյս տեսնող "Հայոց Ազգային Խորհուրդի լրատու" եռօրեան էր, որուն տպագրութիւնը ընդհատուեցաւ 23 Յուլիսին։ Պաշտօնական մամուլի թիւին կը դասուէր ռազմական նախարարութեան "Ռազմիկ" 16 էջանոց շաբաթաթերթը։ Այն սկսած է լոյս տեսնել Օգոստոս 1920-էն մինչեւ թուրք-հայկական պատերազմը։ ՀՀ կիսպաշտօնական պարբերականներու թիւին կը դասուէր նաեւ՝ "Հայաստանի Կոոպերացիա" Երեւան 1919-1920 թ. ամսագիրը, որուն հիմնական ուղղուածութիւնը տնտեսական էր։ Կիսապաշտօնական պարբերականներու թիւին կարելի է դասել Կարսի մէջ՝ լոյս տեսնող "Աշխատաւորի ձայն" բանուորագիւղացիական երկօրեայ թերթը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ լոյս տեսնող "Ղարաբաղի Սուրհանդակ" / "Շուշի" 1918 թ./ եւ "Արցախ" /Շուշի 1919 թ./ թերթերը։

                                     

4.2. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Պարբերական Մամուլը Կուսակցական Մամուլ

ՀՀ կուսակցական մամուլի էութիւնը լաւ հասկանալու համար եւ ճիշդ բնութագրելու նպատակով ատոնք բաժնուած են երեք ուղղութեան՝ "աջ", "ձախակեդրոն" եւ "ձախ" ։ Այսպիսի բաժանման հիմքին մէջ դնելով՝ այդ կուսակցութիւններու դասակարգային էութիւնը եւ հետապնդած նպատակները։ Այս տեսակէտէն աջակողմեան թեւին կը պատկանէին Հայ ժողովրդական եւ Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութիւնները։ Այս կուսակցութիւնները ՀՀ-ի մէջ լոյս կընծայեն 5 անուն թերթ, 2-ը՝ ՀԺԿ եւ 3-ը՝ Հայ ռամկավարները։ 14 Օգոստոս 1918-էն, Երեւանի մէջ սկսաւ լոյս տեսնել ՀԺԿ-ի օրկան "Ժողովուրդ" լրագիրը։ Գաղափարախօսական տեսակէտէն "Ժողովուրդի" էջերուն մէջ, կարտայայտուէին ՀԺԿ ազգային եւ ազատական գաղափարները, անոր մօտեցումները հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Հայկական հարցում եւայլն։ Թերթը Հայաստանի անկախութեան գաղափարի ջերմ պաշտպանն էր։ ՀՀ քաղաքական դաշտին մէջ, աջակողմեան թեւը ներկայացնող միւս ազդեցիկ պարբերականները Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան պաշտօնաթերթ "Վան-Տոսպան" էր եւ անոր իրարայաջորդ "Հայաստանի ձայն" ը։ Եթէ ՀԺԿ եւ անոր "Ժողովուրդ" պաշտօնաթերթը կը ներկայացնէր արեւելեան եւ ռուսահայ ազգային աջ-ազատական հատուածը, ապա ՀՍՌԿ-ն եւ անոր "Հայաստանի ձայն" պաշտօնաթերթը՝ արեւմտեան հատուածը ու մասնաւորապէս Կովկաս ապաստանած գաղթականութիւնը։ ՀՀ "ձախ" կեդրոնամէտ դիրք կը գրաւէր ՀՅ Դաշնակցութեան մամուլը։ Ընդհանուր առմամբ ՀՀ տարածքին մէջ, լոյս կը տեսնեն կեդրոնական եւ տեղական նշանակութեան ՀՅԴ ընդամէնը՝ 13 անուն պարբերականներ։ Ատոնցմէ առաւել կարեւորներն էին՝ "Զանգը" /Երեւան 1918-1919 թ., "Հայաստանի աշխաատաւորը" /Երեւան 1919 թ., "Հառաջ" ը /Երեւան 1919-1920 թ./ եւ "Աշխատանքը" /Երեւան 1919 թ./։ Մնացածը եղած են գաւառային՝ տեղական նշանակութեան եւ ՀՅԴ աշակերտական միութեան օրկաններ։ ՀՀ ձախակողմեան մամուլը կը ներկայացնէին ընկերային-յեղափոխականները /էսէռներ, ընկերային-դեմոկրատ՝ մենշեւիկները եւ պոլշեւիկները։ Էսէռները ունեցած են՝ մամուլի 3 օրկան, մենշեւիկները եւս՝ 3, իսկ պոլշեւիկներու եւ անոնց համակիրներու պարբերականներու թիւը կը հասնէր 13-ի։ Սակայն այդ թերթերու կէսէն աւելին քաղաքական հետապնդումներու եւ այլ պատճառներով լոյս կը տեսնեն ընդամէնը մէկ կամ քանի մը համարով։ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն յետոյ՝ ձախակողմեան ուղղութեան համառուսաստանեան կուսակցութիւններու էսէռական, ընկերային-տեմոկրատ մենշեւիկեան եւ պոլշեւիկեան հայկական հատուածները իրենց գործունէութեան ծանրութեան կեդրոնը Թիֆլիսէն ու Պաքուէն տեղափոխեցին Հայաստան։ 1919 Փետրուարին՝ Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ էսէռներու օրկանը "Ընկերային Յեղափոխական" եռօրեան։ Թերթը լոյս տեսած է Մայիս 1919-էն մինչեւ Ապրիլ 1920-ը։ Պաշտօնաթերթի բնաբանն էր "Կռիւով կը խլես քու իրաւո ւնքը" ։ Ձախակողմեան յաջորդ կուսակցական մամուլը ՌՍԴԲԿ /մենշեւիկներու/ հայաստանեան կազմակերպութեան օրկան "Կայծ" /Երեւան 1918-1919 թ./ եռօրեան էր։ 1918-1919 թ.՝ Ալեքսանդրապոլի մէջ լոյս կը տեսնէ մենշեւիկեան ուղղութեան "Անկախ ընկերվարականներու կուսակցութեան օրկան "Մարդկութիւն" եռօրեան։ 30 Յունուար 1919-ին, Շուշիի մէջ, լոյս տեսաւ տեղի ընկերային-տեմոկրատ մենշեւիկեան կազմակերպութեան օրկան "Նոր Կեանք" շաբաթաթերթը, որ միայն կրցաւ լոյս ընծայել հինգ թիւ։ Ձախակողմեան մամուլի ամենաընդդիմադիր թեւը կը ներկայացնէին պոլշեւիկեան պարբերականները, որոնց մէջ առաջնային տեղ կը գրաւէր "Խօսքը" /1918 Սեպտեմբեր 1919 թ էն Մարտ՝ ընդամէնը 22 թիւ/։ Յունուար 1920-ին՝ Ալեքսանդրապոլի մէջ պոլշեւիկները հիմնեցին "Ալիք" շաբաթաթերթը, սակայն մէկ թիւ լոյս ընծայելէն յետոյ ան փակուեցաւ, այս ճակատագրին արժանացան "Բանուորը" /Ալեքսանդրապոլ, "Լոռուա Գիւղացիի Ձայն" / Հաղպատ 1920/ երկշաբաթաթերթերը։ Սակայն պոլշեւիկեան պարբերականներէն էր "Սպարտակ" միութեան օրկան համանուն "Սպարտակ" թերթը։ Լոյս տեսած է "Սպարտակի" ընդամէնը մէկ թիւ՝ 1 Մայիս 1919-ին։ Ձախակողմեան ուղղուածութիւն ունէր "Գիւղացիական Միութիւն" /Ալեքսանդրապոլ 1919/ եւ "Գիւղացիի Ձայն" / Երեւան 1920/ շաբաթաթերթերը։ Պոլշեւիկեան յայտնի թերթերէն էր՝ "Կոմունիստը", որ կառավարութեան կողմէ համարուեցաւ հակակառավարական եւ փակուեցաւ։ Այսպիսով, չնայած ընկերային ոչ լայն յենարանի՝ ՀՀ քաղաքային դաշտին մէջ իր արժանի տեղը կը գրաւէր ձախակողմեան մամուլը ընդհանրապէս եւ պոլշեւիկեանը՝ մասնաւորապէս։

                                     

4.3. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Պարբերական Մամուլը Անկախ անկուսակցական Մամուլ

Ի տարբերութիւն կուսակցական մամուլի՝ ՀՀ-ի մէջ շատ թոյլ արտայայտուած էր անկուսակցական եւ գիտական մամուլը։ Եթէ, այնուամենայնիւ, որոշ պարբերականները կը հիմնուէին իբրեւ անկախ, ապա՝ կարճ ժամանակամիջոցին, չունենալով բաւարար տնտեսական միջոցներ, կամ կը փակուէին կամ ալ հասկնալի պատճառներով կիյնային իշխանութիւններու կամ որեւէ կուսակցութեան ու հովանաւոր խումբի ազդեցութեան տակ եւ կը դառնար արտաքուստ անկախ, սակայն բովանդակութեամբ՝ անոնցմէ յոյժ կախեալ։ Ատոնց թիւին կը դասուէին "Ալեքսանդրապոլի Լրաբեր", 1919 օրաթերթ, "Իտէալ", 1919-ին, Երեւանի ամերիկեան որբանոցներու աշակերտական միութեան երկշաբաթաթերթ, "Նոր Ուղի", Երեւան, 1920-ին, ռուսալեզու՝ "Знамя школы" /Դպրոցի դրօշակ, Երեւան, 1919-ին, Երեւանի գիմնազիաներու կոլեկտիւներու շաբաթաթերթ եւ այլ պարբերականները։ ՀՀ-ի մէջ, շատ կարճատեւ ընթացքով լոյս տեսան գերատեսչական եւ գիտաուսումնական բնոյթի քանի մը ամսագրեր։ 1920-ին, մէկ թիւով թողարկուեցաւ "Գիւղատնտեսական Հանդէս" ամսագիրը, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ "Առողջապահիկ" բժշկական հանդէսը, Էջմիածնի մէջ՝ լոյս տեսաւ "Արարատ", "Էջմիածին" հոգեւոր եւ գիտական ամսագրերը եւայլն։ Այսպիսով, Հայաստանի անկախութեան հռչակումը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ նշանակալի իրադարձութիւն եղաւ ո՛չ միայն քաղաքական, այլեւ՝ հոգեւոր-մշակութային տեսակէտէն։ Իր գոյութեան կարճատեւ- 2.5 տարի- ժամանակահատուածին մէջ ՀՀ-ը դարձաւ հայահաւաքման կեդրոն։ Աստիճանաբար հայ մամուլի աւանդական կեդրոնները՝ Թիֆլիսը, Կ.Պոլիսը, Վենետիկը, Մոսկուան, Պաքուն եւայլն իրենց դիրքերը զիջեցին՝ Երեւանին։ Վերջինս դարձաւ հայ հասարական-քաղաքական ու հոգեւոր կեանքի կեդրոն։ Ինչպէս մայրաքաղաքի, այնպէս ալ գաւառային կեդրոններու թերթերն ու ամսագիրերը հանդիսացած են տուեալ ժամանակաշրջանի բարդ իրականութեան եւ բազմաշերտ հասարակական-քաղաքական կեանքի ճշմարիտ հայելին։



                                     

5. Հանրապետութեան Յաջողութիւնները

Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը կարճ տարիներու ընթացքին եւ բոլոր դժուարութիւններուն կրցաւ յաջողութիւններ արձանագրել։

  • Կրթական եւ Մշակութային Հարցեր - Կրթական նախարարութեան առաջին գործը եղաւ բանալ դպրոցները եւ հանրային կրթութեան համակարգ տնօրինել։ Դպրոցը բաժնուեցաւ եկեղեցիէն եւ դրուեցաւ կառավարութեան առանձին հսկողութեան տակ։ Կրթական նախարար Միքայէլ Աթաբէկեանը Ժողովրդական յաջողեցաւ կազմել դասերու պետական ծրագիր, միատեսակ՝ բոլոր դպրոցներուն համար։ Անցուց պարտադիր տարրական նախակրթարան կրթութեան օրէնքը։ Աշխատանք տարաւ համալսարան հիմնադրելու։ Ծրագրեց հիմնել թատրոն, հանրային գրադարան, եւ թանգարան։ Աթաբէկեան չկրցաւ դիմանալ Երեւանի սոսկալի աննպաստ պայմաններուն եւ պաշտօնէն հրաժարեցաւ։ Նիկոլ Աղբալեան դարձաւ նոր կրթական նախարարը։ 31 Յունուար 1920-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ բացուեցաւ համալսարան եւ հիմնուեցաւ միութիւններ, ակումբներ, հրատարակչական ընկերութիւններ եւ թերթեր։.
  • Կարգ ու Կանոն - Գիւղացիներուն վրայ յաւելեալ տուրք դնելով, կառավարութիւնը կրցաւ եկամուտ մը ապահովել գաղթականները կերակրելու համար այս քայլը հարկաւ մեծ դժգոհութիւն առաջացուց գիւղացիներուն մէջ։ Կաշակեր պաշտօնեաները աստիճանաբար դուրս դրուեցան կառավարական հաստատութիւններէն։ Ընտրութիւններուն նաեւ մասնակցեցան կիներ հակառակ ուրիշ երկիրներու, որոնք իրաւունք չտուին կանանց եւ նոյնիսկ կիներ ընտրուեցան խորհրդարանի անդամներ եւ դեսպաններու պաշտօն տրուեցան ինչպէս Տիանա Աբգար։.
  • Ճամբաներ եւ Հաղորդակցութեան Միջոցներ - Անկախութեան առաջին օրէն, կառավարութիւնըեւ աղքատիկ պիւտճէն տրամադրեց նորոգելու պատերազմին հետեւանքով քանդուած ճամբաները եւ նորերը շինելու։ Թուրքերուն նահանջէն ետք, հետագրական գիծերն ալ սկսան կանոնաւոր գործել։ Ան նաեւ Հայաստանի ծովային ուժի ծովային ուժի առաջին նաւը՝ "Աշոտ Երկաթ" անունով, Սեւան իջեցուց։ 1919-ի վերջերուն արդէն, Հայաստան ունէր աւելի կանոնաւորուած երկաթուղագիծ եւ ճամբաներու համեստ ցանց մը։.
  • Պաշտօնական Լեզու - Մինչ այդ գործածուող պաշտօնական լեզուն՝ ռուսերէնը, հայերէնով փոխարինուեցաւ։ Կառավարութիւնը կրցաւ ազգային ուժեղ կառոյցներու հիմը դնել երկրին մէջ։.
  • Սահմաններու Ընդլայնում - Զինուորական գործողութիւններու եւ դիւանագիտական համաձայնութիւններու միջոցաւ կարելի դարձաւ Հայաստանի սահմանները ընդլայնել։ Հայաստանին կցուեցաւ Կարսը, Շարուրն, ու Նախիջեւանը եւ Սուրմալուն։ Մինչեւ 1919-ի վերջաւորութիւնը, Հայաստան-Թուրքիա սահմանները գրեթէ հասած էին 1914-ի ռուս-թրքական սահմաններուն։ Հայկական մնացեալ հողերու կցումը Հայաստանին՝ կախեալ կը մնար Փարիզի մէջ ընթացող խաղաղութեան խոհրդաժողովէն։.
  • Վարչական Բաժանումներ - Մէկ տարուան ընթացքին Պաթումի համաձայնագրով Հայաստանին տրուած 10.000 քառ. քիլոմեթր շուրջ 4.400 քառ. մղոն տարածութիւնը 27.000 քառ. քիլոմեթր շուրջ 10.500 քառ. մղոն դարձած էր։ Երկիրը քիչ մը տարածուած էր արդէն եւ կարիք ունէր վարչական կառոյց մը ստեղծելու համար, երկիրը բաժնուեցաւ 10 շրջաններու՝ Երեւան, Էջմիածին, Սուրմալու, Դարալագեազ, Զանգեզուր, Նոր-Բայազէտ, Դիլիջան, Ղարաքիլիսա, Ալեքսանդրապոլ, եւ Կարս։.
                                     

6. ՀՀ Կառավարութիւն

Վարչապետներ

  • 1 Յովհաննէս Քաջազնունին Իգիթխանեան պաշտօնավարած է 07.06.1918 - 07.08.1919 թ.
  • 2 Ալեքսանդր Խատիսեանը պաշտօնավարած է 07.08.1919 - 05.05.1920 թ.
  • 3 Համազասպ Համօ Օհանջանեանը պաշտօնավարած է 05.05.1920 - 23.11.1920 թ.
  • 4 Սիմոն Վրացեանը պաշտօնավարած է 23.11.1920 - 02.12.1920 թ.։.

Անդամներ նախարարներ

24 Յուլիս 1918-ին Հայոց ազգային խորհուրդը հրապարակեց կառավարութեան կազմը՝ Վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունի 1868-1937 Ներքին գործերու նախարար՝ Արամ Մանուկեան 1879-1919, Արտաքին գործերու նախարար՝ Ալեքսանդր Խատիսեան 1874-1945, Ֆինանսներու նախարար՝ Խաչատուր Կարճիկեան 1882-1918, Պաշտպանութեան նախարար՝ ժեներալ Յովհաննէս Հախվերդեան 1873-1937, Արդարադատութեան նախարար՝ Գրիգոր Տէր-Պետրոսեան։

                                     

7.1. ՀՀ Խորհրդարան Նախագահներ

  • 1 Աւետիք Սահակեանը պաշտօնավարած է 01.08.1918 - 05.08.1919 թ.
  • 3 Յովհաննէս Քաջազնունին Իգիթխանեան պաշտօնավարած է 04.11.1920 - 02.12.1920 թ.։.
  • 2 Աւետիս Ահարոնեանը պաշտօնավարած է 05.08.1919 - 04.11.1920 թ.
                                     

7.2. ՀՀ Խորհրդարան Փոխնախագահներ

  • Սիրական Տիգրանեանը պաշտօնավարած է 16.09.1919 - 02.12.1920 թ.։.
  • Դաւիթ Զուբեանը պաշտօնավարած է 01.08.1918 - 05.06.1919 թ.։.
  • Սարգիս Արարատեանը պաշտօնավարած է 01.08.1919 - 10.08.1919 թ.։.
  • Գրիգոր Տէր-Խաչատուրեանը պաշտօնավարած է 01.08.1918 - 05.06.1919 թ.։.
  • Աւետիք Սահակեանը պաշտօնավարած է 06.11.1919 - 02.12.1920 թ.։.
  • Յովսէփ Արղութեանը Խանասորի Իշխան պաշտօնավարած է 10.08.1919 - 16․09․1919 թ.։.
  • Լեւոն Շանթը պաշտօնավարածէ 01.08.1919 - 02.12.1920 թ.։.
                                     

7.3. ՀՀ Խորհրդարան Աւագ եւ կրտսեր քարտուղարներ

  • Աւագ քարտուղար Յակոբ Տէր-Յակոբեանը Իրազեկ պաշտօնավարած է 05.08.1919 - 02.12.1920 թ.։.
  • Կրտսեր քարտուղար Անուշավան Տեր-Միքայէլեանը պաշտօնավարած է 26.12.1919 - 02.12.1920 թ.։.
  • Կրտսեր քարտուղար Եփրեմ Սարգսեանը պաշտօնավարած է 06.08.1918 - 05.08.1919 թ.։.
  • Կրտսեր քարտուղար Արամ Սաֆրաստեանը պաշտօնավարած է 05.08.1919 - 02.12.1920 թ.։.
  • Աւագ քարտուղար Պետրոս Զաքարեանը պաշտօնավարած է 01.08.1918 - 05.08.1919 թ.։.
                                     

7.4. ՀՀ Խորհրդարան Պատգամաւորներ անդամներ

Առաջին գումարման խորհրդարանին մէջ, ՀՅԴ-ն կը ներկայացնէր 18, ՀԺԿ-ն, ՍՀԿ-ն, ՍԴԿ-ն՝ 6-ական պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ կային 6 իսլամադաւան, 2 անկուսակցական, մէկ ռուս եւ մէկ եզտի պատգամաւորներ, ընդամէնը՝ 46 հոգի։

Երկրորդ գումարման խորհրդարանին մէջ, ՀՅԴ-ն կը ներկայացնէր 73, ՍՀԿ-ն՝ 4 պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ՝ կային 2 իսլամադաւան եւ մէկ ԱԱԳՄ Արագածոտնի անկուսակցական գիւղական միութիւն պատգամաւորներ, ընդամէնը՝ 80 հոգի։

                                     

8. Աղբիւրներ

1- Hille, Charlotte Mathilde Louise 2010. State Building and Conflict Resolution in the Caucasus. Leiden, Netherlands։ Brill. p. 151. ISBN 978-90-04-17901-1.

2.Jump up ^ Hewsen, Robert 2001. Armenia։ A Historical Atlas. Chicago։ University of Chicago Press. p. 235. ISBN 0-226-33228-4.

                                     
  • Հայաստանի Հանրապետութիւն անուանումը կրնայ ունենալ յետեւեալ կիրառումները Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն ՀՀ 1918 - 1920 Հայկական Սովետական Սոցիալիստական
  • կամ Արցախի Հանրապետութիւն փաստացի անկախ, սակայն միջազգայինօրէն չճանչցուած պետութիւն Անդրկովկասի մէջ Արեւմուտքէն սահմանակից է Հայաստանի Հանրապետութեան
  • հանրաքուէին, Հայաստանի քաղաքացիները Հայաստանի վարչակարգին փոփոխութեան ունենալ Ժողովրդավար Հանրապետութիւն թեր կը քուէարկեն Հայաստանի բարձրագոյն օրէնսդիր
  • Գէորգ Էմին 30 Սեպտեմբեր 1919 1919 - 09 - 30 Աշտարակ, Էջմիածին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն - 11 Յունիս 1998 1998 - 06 - 11 Երեւան, Հայաստան հայ գրող
  • ուժեր Հայոց Համազգային Շարժումը եւ Հայաստանի Համայնավար Կուսակցութիւնը: Պատգամաւոր խումբերն էին Հանրապետութիւն 38 պատգամաւոր Արցախ 11 պատգամաւոր
  • 1884, Յունան, Մուշ - 1920, Սարիղամիշ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն հայ ռազմական գործիչ, ֆետայի, Հայաստանի երկրապահ զօրամասի հրամանատար: 1918 թուականի
  • Azərbaycan, պաշտօնապէս Azərbaycan Respublikası, Ազրպէյճանական Հանրապետութիւն հանրապետութիւն է Հարաւային Կովկասի, Կասպից ծովու արեւմտեան ափամերձ շրջանին
  • Բարսեղեան 26 Հոկտեմբեր 1920 1920 - 10 - 26 Մաստարա, Էջմիածին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն - 2 Օգոստոս 2014 2014 - 08 - 02 Երեւան, Հայաստան հայ լեզուաբան
  • Էսթոնիայի Հանրապետութիւն պետութիւն Հիւսիսային Եւրոպայի Պալթեան տարածաշրջանին մէջ: Էսթոնիան ժողովրդավարական խորհրդարանական հանրապետութիւն է բաղկացած
  • Վրաստանի Ժողովրդավար Հանրապետութիւն վրաց. საქართველოს დემოკრატიული რესპუბლიკა անկախ վրացական պետութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ 1918 - 1921 ններուն Հիմնադրուած
  • 29 Յունուար 1919 1919 - 01 - 29 Երեւան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն պետական, հասարակական գործիչ, Հա յաս տա նի ան կա խու թեան կեր տիչ, Հայոց նորագոյն
  • Միեւնոյն այդ շրջանին Սիմոն Վրացեան կը գրէ նաեւ իր կոթողական գործը Հայաստանի Հանրապետութիւն ը, որ մնայուն աւանդ մը կը կազմէ ոչ միայն պատմագրական առումով, այլեւ
                                     
  • պարի փառատօնի առաջին Օր, Թոքուշիմա Երիտասարդներու Համաշխարհային Օր Փիղերու Համաշխարհային Օր Օգոստոս 13 Կենտրոնա - Ափրիկէակական Հանրապետութիւն Անկախութեան
  • 10 Դեկտեմբեր 1937 1937 - 12 - 10 կամ 1937, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն
  • ե. III դդ. Հայոց Ցեղասպանութիւն Մայիսեան հերոսամարտ եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն եւ այլն Նոր Ջուղա. Հայոց տպագրութեան օրրան Վանի ասեղնագործութիւնը
  • Մովսէս Գորգիսեան 3 Դեկտեմբեր 1961 1961 - 12 - 03 Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն
  • Արմէն Աթայեան 21 Մայիս 1922 1922 - 05 - 21 Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն ԱԽՖՍՀ - 8 Ապրիլ 2021 2021 - 04 - 08 հայ նկարիչ Հայ
  • Թուրքիա Թուրքիոյ Հանրապետութիւն թրք. Türkiye Cumhuriyeti երկիր Եւրասիոյ մէջ, Ասիոյ հարաւ - արեւմուտքին մէջ տեղակայուած պետութիւն, որոշ մասը հարաւային
  • Կայսրութիւն - 8 Սեպտեմբեր 1973 1973 - 09 - 08 Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն
  • Երուանդ Ղազանչեան 2 Յունիս 1937 1937 - 06 - 02 Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն
  • 2017 - 07 - 14 Հայաստանի Հանրապետութիւն Կոտայքի մարզ Հայաստանի Հանրապետութիւն Կոտայքի մարզի բնական պայմանները եւ հարստութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան
  • 1870 1870 - 01 - 20 - 15 Մայիս 1946 1946 - 05 - 15 Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն
  • Ռուսական Կայսրութիւն - 24 Ապրիլ 1959 1959 - 04 - 24 Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն
                                     
  • Օր Հարաւային Սուտան Մայիս 17 Ազատագրութեան Օր Քոնկօյի Տեմօքրաթական Հանրապետութիւն Սահմանադրութեան Օր Նորվեկիա Մայիս 18 Թանգարաններու Համաշխարհային Օր
  • Կայսրութիւն - 16 Յուլիս 1957 1957 - 07 - 16 Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն
  • Կայսրութիւն - 17 Հոկտեմբեր 1957 1957 - 10 - 17 Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն
  • Կայսրութիւն - 18 Փետրուար 1921 1921 - 02 - 18 Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն ազատագրական պայքարի մարտիկ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ
  • Հովհաննիսյան Ռիչարդ Հայաստանի հանրապետութիւն հատ. 1. 1918 1919 թթ. 2005, 604 էջ Հովհաննիսյան Ռիչարդ Հայաստանի հանրապետութիւն հատ. 4. Սալի եւ
  • Վարդանեան 13 Յունիս 1956 1956 - 06 - 13 Լենինական, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն
  • Սուրիա արաբերէն سوريا կամ سورية պաշտօնապէս Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն արաբերէն الجمهورية العربية السورية Ալ - Ժումհուրիա Ալ - Արապիա Ալ - Սուրիա
                                               

Հայաստանի Հանրապետութիւն (այլ կիրառումներ)

Հայաստանի Հանրապետութիւն անուանումը կրնայ ունենալ յետեւեալ կիրառումները՝ Հայկական Սովետական Սոցիալիստական ՀանրապետութIւն ՀՍՍՀ, 1920-1936. Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն ՀԽՍՀ 1936-1991. Հայաստանի Հանրապետութիւն ՀՀ 1991-. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն ՀՀ 1918-1920.

Եւրոտեսիլ երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանի մասնակցութիւնը
                                               

"Եւրոտեսիլ երգի միջազգային մրցոյթ"ին Հայաստանի մասնակցութիւնը

Հայաստան Եւրոտեսիլի մէջ մինչեւ հիմա ներկայացուցած է 10 երգ, որոնցմէ 7-ն ամբողջութեամբ անգլերէնով են, իսկ միւս 3-ը անգլերէն եւ հայերէն:

Users also searched:

առաջին հանրապետության անկումը, հայաստանի 2 - ին հանրապետություն, հայաստանի 2 - րդ հանրապետություն, հայաստանի 3 - րդ հանրապետություն, հայաստանի առաջին հանրապետություն pdf, հայաստանի հանրապետություն, հհ առաջին վարչապետ, հհ արտաքին հարաբերությունները 1918 1920թթ, էսթոնիա, մայրաքաղաքը, լատվիայի, մայրաքաղաք, իսլանդիայի, մոլդովա, ֆինլանդիա, լատվիայիմայրաքաղաքը, իսլանդիայիմայրաքաղաք, պաթոս, լատվիա, լիտվա, էստոնիա, Էսթոնիա, հոկտեմբերեան յեղափոխութիւն, Յեղափոխութիւն, Հոկտեմբերեան, ՀոկտեմբերեանՅեղափոխութիւն, ժահր, Ժահր, Հայաստանի, հայաստանի, հանրապետություն, Առաջին, առաջին, հայաստանիհանրապետություն, հհարտաքինհարաբերություններըթթ, հայաստանիառաջինհանրապետությունpdf, վարչապետ, անկումը,

...

Encyclopedic dictionary

Translation

Առաջին հանրապետության անկումը.

Հայկական թղթադրամի 100 ամյա. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ Հայաստանի Հանրապետութիւն, Փարիզ, 1928, էջ 157: 9 Տե՛ս. Հայաստանի 2 - րդ հանրապետություն. Գյումրու քաղաքապետարան. Ցավոք, Հայաստանի առաջին հանրապետությունը կարճ կյանք ունեցավ եւ 1920թ. Հհ առաջին վարչապետ. Հայաստանի առաջին ԵՊՀ. Արցախը Ղարաբաղը պատմական Հայաստանի գումարեցին իրենց առաջին համագումարը, որը​. Հայաստանի 3 - րդ հանրապետություն. Հայաստանը նշում է Առաջին Armenia News. Հայաստանի Հանրապետութիւն Հայաստանի Հանրապետություն, ստեղծվել է 1918.





Հայաստանի 2 - ին հանրապետություն.

Պետք է հավատարիմ մնալ արյունով. ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑՅԱՆԸ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ. ԱՐՇԱԿ ԲԱԼՏԱՆ. 1918 1920. ԱԴՐԲԵՋԱՆԻ ԴԵՄՈԿՐԱՏԱԿԱՆ. 27 Մայիս, 2020. Հայաստանի առաջին Հանրապետության հռչակումը հաջորդեց մայիսյան. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ. Armenische SSR Հայաստանի Հանրապետութիւն jw2019. Հայաստանի առաջին բաժանումից մինչեւ 591 թ.


ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի.

Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին 900 օրուան հանրապետութիւն. Բացառիկ հարցազրույց ԱՍԱԼԱ ի Հետք. Հայաստանի Առաջին Հանրապետության ստեղծման պատմական նշանակությունը Հայաստանի. Untitled Հայաստանի Հանրապետության. Ծոփքէն Մինչեւ Երրորդ Հանրապետութիւն Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը. Հունիսի 15 ը ՀՀ ազգային եռագույնի. Առաջին համաշխարհային պատերազմը նպաստեց մի շարք երկրների տնտեսական,. ԲՈՒՀԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐ. Հայաստան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն Հին Երեւան. Օգտագործումը ka.





Շնորհաւոր 21 Սեպտեմբեր. Այսօր.

Անկախ Հայաստանի առաջին վարչապետը դարձաւ Անկախ եւ Միացեալ Հանրապետութիւն. Հայկական Դրամները․ Ծոփքէն Մինչեւ. Մեր խորին համոզմամբ Հայաստանի առաջին Հայաստանի Հանրապետութիւն, Պէյրութ, 1958. ՀՀ ԳԱԱ Հիմնարար Գիտական Գրադարան. Հայաստանի ֆուտբոլի ֆեդերացիա ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹՅԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԱԿԱԼ Հայկական Հանրապետութիւն, Երևան 0010, Նալբանդյան.


Հայաստանի մասին ՀՀ Անկախության.

Of the library Հայաստանի առաջին հանրապետություն View the document Դահլիճի փոփոխութիւն Հայաստանի մէջ Հանրապետութիւն հայոց. Արեւ,1934. Երիտասարդները ՀՀ անկախության 25. Запрос должен включать:. Սարդարապատը շարունակվում է նաև. Հայաստանի Հանրապետութիւն Սիմոն Վրացեան​․. by Վրացյան, Սիմոն Ղազարի, 1882 1969. Material type: Book​. ԲԱՆԲԵՐ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹՅԱՆ REVIEW OF ARMENIAN. Հայկական ԽՍՀ Գերագույն խորհուրդը՝ արտահայտելով Հայաստանի ժողովրդի միասնական.


Առաջին Հանրապետության կարճ ու.

Հոս եւս ճշդենք՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ, քանի որ կը հաւատանք, թէ. ºðºì²ÜÆ äºî²Î²Ü вزÈê²ð²Ü. 33 Վրացեան Ս., Հայաստանի Հանրապետութիւն, Փարիզ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ​. Հայաստանի առաջին Հանրապետության. Հայ պատմագրության մեջ առաջին անգամ քննել է 1918 – 1920 թթ. Ուկրաինայի. Ռուսաստանի ոչ.





Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը 25.

Հայաստանի Հանրապետութիւն օրաթերթի 1991թ. դրամաշնորհի և Հայաստանի երիտասարդական առաջին տեղում է. փաստավավերագրական,. Թարգմանություն Հայաստան – Բառարան. 1918 ի մայիսի 28 ին Թիֆլիսում արված այս հայտարարությունը Հայաստանի առաջին. Հանրապետութեան տօնին նուիրուած. Հայաստանի Հանրապետութիւնը 21 վերանուանել Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ Նորանկախ Հայաստանի առաջին Սահմանադրութիւնը. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25ամեակ. Հանրապետութիւնը վերանուանել Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 1918. ՅԱՃԱԽ ՏՐՈՒՈՂ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ. Սիմոն Վրացյանն այս առթիվ իր Հայաստանի Հանրապետութիւն գրքում գրում է.….


Պատկեր:May 28 1919 celebration.

Շնորհավորում եմ Հայաստանի առաջին Հանրապետության օրվա առիթով: 1918թ. մայիսի 28 ​ին մեր. Ձեռնարկ Արևմտահայերեն.pdf. Առաջին կաթողիկոսը Հայաստանի Առաջին ճանչցուած ինքնուրոյն հանրապետութիւն է նա,.


Բեռնել սեղմագիրը ՀՀ ԳԱԱ.

Առմամբ, Հայաստանի արհմիությունները Ս. Վրացեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Երևան 1993, առաջին կոնֆերանսը հիմնել է Հայաստանի. Հայաստանի Հանրապետության Նախագահ. Հայաստանի առաջին Հանրապետության Հայաստանի Հանրապետութիւն, Բէյրութ, 1958, Սասունի.





ՀՀայաստանի Առաջին Журнал Регион и мир.

Հայաստանի Հանրապետութիւն յուշագիրը հրատարակւում է առաջին անգամ: Նրա. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ 100. Րապես, Հայաստանի Առաջին Հանրապետության Սասուն եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն,. Անթիլիասի մէջ Առաջին. Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր՝ 21 Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ գործող Նորանկախ Հայաստանի առաջին. Արհմիությունները որպես. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ անկախ հանրապետութիւն վերակերտելու.


ԲԱՂԱԴՐՅԱԼ ՀԱՏՈՒԿ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒՄ.

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հանրապետութիւն հռչակեցին, որպէսզի. Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ 1Վրացյան Ս. Հայաստանի Հանրապետութիւն. ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑՅԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ. Հայաստանի առաջին Հանրապետության հատուկ Հայաստանի Հանրապետութիւն, էջ 11, Մ.Վար. Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր. Տոնի, Սարդարապատի հերոսամարտի և Հայաստանի առաջին Հանրապետության հռչակման 103 րդ…. Յովհաննէս Քաջազնունի. Հայաստանի. Հայաստանի Հանրապետութիւն: 3 առաջին դասարան ընդունուելուն կը ներկայացուի.





ՍՓԻՒՌՔ Գիտաուսումնական Կենտրոն.

Այս գիրքը առաջին տպագրութեամբ, լոյս է տեսել 1928թ. Մայիսին, Հայաստանի անկախութեան. Հայաստանի առաջին ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ԿՐԹՈՒԹՅԱՆ ԵՎ բաղադրյալ անվան միայն առաջին բաղադրիչը. ՀՀայաստանի Առաջին Հանրապետությունը և Վրացեան Ս., Հայաստանի Հանրապետութիւն. Ծրագիրի առաջին փուլը ներառած է Սուրիայէն գան Հայաստանի Հանրապետութիւն իրենց.


Լիտվա.

Էստոնիա Հայերեն Ֆրանսերեն. Հայաստան, Վրաստան, Բելառուս, Էստոնիա. ՎԱՀԱԳՆ ԱՐԹՈՒՐԻ ԱՄԻՐԽԱՆՅԱՆ. ՀՀ ԳԱԱ Մ. Քոթանյանի.


Պատկեր:Разбитый малый Николаевский дворец 1917.jpg.

1848 թ. յեղափոխութեան ժամանակը, որ հզօր ներգործութիւն մը կ′ունենար ուղղակի այս. ՀՀ ԳԱԱ Հիմնարար Գիտական Գրադարան. Սկիզբը Վրաստանում դարձավ հոկտեմբերյան Մարտ 2011ին, երբ սուրիական յեղափոխութեան. Սերկէյ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ լուսաճաճանչ. Թիւրքահայ յեղափոխութեան գաղափարաբանութիւնը by Լեո, Publication: Փարիզ Տպ. Պահրի Եղբարց,.





ԿՈՐՈՆԱՖՈՒՏԲՈԼ 9 Տեղաշարժման.

Համար, աշխարհում ոչ ժահր կար, ոչ էլ ուրիշ ջհանդամ գյոռ: Բայց կար մի պրոբլեմ. Այստեղ շատ ավելի կարևոր խնդիր է. Գտնվել է 0 պատիժների համապատասխանող արտահայտությունը: ժահր.Հայտնաբերվել է 0 ms.


...
Free and no ads
no need to download or install

Pino - logical board game which is based on tactics and strategy. In general this is a remix of chess, checkers and corners. The game develops imagination, concentration, teaches how to solve tasks, plan their own actions and of course to think logically. It does not matter how much pieces you have, the main thing is how they are placement!

online intellectual game →